
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- 1978ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը Մարաշի մէջ հարիւրաւոր ալաուի քիւրտեր ու քաղաքացիներ սպաննած է. այսպէս ըսած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախկին նախարար Ֆեհմի Կիւնեշ, «Հապերթուրք» կայանէն Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Նախարարը, որ ջարդերէն անմիջապէս ետք փոխարինած էր հրաժարած ներքին գործոց նախարար Իրֆան Օզայտընլըն, ըսած է. «Մարաշի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուելէ 15 օր ետք, խորհրդարանական պատուիրակութեան մը հետ մեկնեցայ հոն: Քաղաքը պատերազմական դաշտ կը յիշեցնէր: Բառեր չեմ կրնար գտնել նկարագրելու, թէ ի՛նչ սարսափելի տեսարաններ էին: Ամէնուրեք աւերածութիւն, այրած եւ քանդուած տուներ էին: Մարաշէն մահուան հոտ կու գար: Հիւանդանոցները լեցուն ըլլալով՝ վիրաւորները տեղաւորած էին մարզադահլիճներու եւ դպրոցներու մէջ: Չկրցայ պատասխանել տարեց կնոջ մը այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ այսպէս վարուեցանք իրենց հետ: Մարաշի մէջ մեծ յանցագործութիւն, կոտորած իրագործուած է եւ այդ կոտորածը պետութիւնը իրականացուցած է ի՛ր Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (MIT) գործակալներուն եւ վարձկաններուն միջոցով: Մարդկանց ողջ-ողջ այրած են, երեխաները լեցուցած են եռացող կաթսաներու մէջ…: Մարդկանց գազանաբար սպաննած են, բարձրացած են ծառերու վրայ եւ հոնկէ կրակ բացած են բոլորին վրայ՝ չխնայելով ծեր ու մանուկ: Այս բոլորը տեղի ունեցան Պիւլենտ Էճեւիտի վարչապետութեան եւ Ֆահրի Քորութիւրքի նախագահութեան ժամանակ: Կոտորածին դէմ չկեցան ո՛չ Մարաշի նահանգապետը, ո՛չ ոստիկանապետը, ոչ ալ ոեւէ իրաւասու, պարզապէս, որովհետեւ այդ մարդիկը ալաուի դաւանանքէն էին», խոստովանած է թուրք նախարարը: