
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Նոյեմբեր 28ին, առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան, Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան եւ Հոլիվուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարաններու Ծնողաուսուցչական մարմիններուն հետ:
Հանդիպման գլխաւոր նպատակն էր յատուկ ուշադրութիւն դարձնել աշակերտներու հոգեւոր կեանքին՝ զօրացնելով անոնց քրիստոնէական ոգին եւ հայրենասիրութիւնը՝ դաստիարակութեան ճամբով:
Վերոյիշեալ վարժարաններէն ներս առաջնորդին թելադրութեամբ եւ խնամակալ մարմիններու համագործակցութեամբ հաստատուած է կրօնական դաստիարակութեան յատուկ ծրագիր՝ հետեւեալ հոգեւորականներուն գլխաւորութեամբ. Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան եւ Աւետիս քհնյ. Աբովեան:
Սրբազան հայրը գնահատեց ծնողաուսուցչական մարմիններուն մատուցած ազգանուէր կրթական-դաստիարակչական առաքելութիւնը եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց: