ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբերին, գոհունակութիւն արձանագրեց ամերիկեան Քոնկրեսին կողմէ թիւ 306 բանաձեւին որդեգրման համար։
Թուրքիոյ մէջ կրօնքի ազատութիւն եւ եկեղեցական գրաւեալ կալուածները իրենց սկզբնական տէրերուն վերադարձը պահանջող բանաձեւը Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբերին քուէարկութեամբ որդեգրուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ։
«Կ՛ողջունենք այս բանաձեւին որդեգրումը, որ կարեւոր յառաջխաղացք է ոչ միայն հայերուս, այլ նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք հետամուտ են կրօնական ազատութեանց, հաւասարութեան ու արդարութեան։ Կը յուսանք, որ այս պահանջը իրականութիւն դառնայ եւ մեր եկեղեցկան իրաւունքները վերադարձուին պահանջատէր սեփականատիրոջ՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն», յայտարարեց առաջնորդը, միաժամանակ բարձր գնահատելով այս բանաձեւին պատրաստութեան ու հետապնդման նուիրեալները։