
Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետուհի Հելիկ Իսաղուլեանի։
Հանդիպման մասնակից եղան նաեւ ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վիգէն Դաւիթեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան ու անդամ Վահան Պզտիկեան:
Հիւր վարչականները եկած էին առաջնորդ սրբազանին շնորհակալութիւն յայտնելու՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան ընթացքին կայացած մասնաճիւղի հիմնադրութեան 33ամեակի տօնախմբութեան վեհափառի ներկայութեան ու անոր տուած պատգամին համար։ Անոնք նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին մասնաճիւղի գործունէութեան ու ծրագիրներուն մասին, մանաւանդ որ ՀՄԸՄի այս կենսունակ անդամը վերջերս ընտրած է իր նոր վարչութիւնը։
Վիգէն Դաւթեան, իր կարգին, լուսաբանութիւններ տուաւ գործունէութեան տարիներու ընթացքին մասնաճիւղին արձանագրած բարելաւման ու իրագործման միջոցներուն մասին՝ նշելով, որ շուրջ 2000 անդամ հաշուող մասնաճիւղը կը գործէ արհեստավարժ մօտեցումով։
Առաջնորդ սրբազանն ու Ազգ. վարչութեան ատենապետուհին գնահատանքով արտայայտուեցան «Արարատ» մասնաճիւղի ՀՄԸՄական առաքելութեան մասին եւ մաղթեցին նորանոր նուաճումներ։ Անոնք նաեւ վեր առին Ազգ. առաջնորդարանին ու ՀՄԸՄին միջեւ արդիւնաւէտ գործակցութեան փորձառութիւնը եւ հաստատեցին, թէ այս գործակցութիւնը պիտի շարունակուի, ի նպաստ նոր սերունդի առողջ դաստիարակութեան։
Հանդիպման աւարտին հիւր ներկայացուցիչները առաջնորդին յանձնեցին գեղեցիկ կազմով Աստուածաշունչ մը։