ԼԱ ՀԷՅ, «Ռոյթըրզ».- Միջազգային քրէական դատարանի գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին յայտարարեց, թէ Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մուամմար Քազաֆիի սպանութիւնը կրնայ պատերազմական ոճիր նկատուիլ, եւ աւելցուց, թէ Լիպիոյ ժամանակաւոր իշխանութիւններէն բացատրութիւն պահանջած է, թէ անոնք ինչպէ՞ս պիտի հետապնդեն Լիպիոյ նախկին ղեկավարի մահուան հանգամանքներն ու ընդհանրապէս երկրի տարածքին տեղի ունեցած ռազմական բոլոր յանցագործութիւնները:
Ըստ անոր, նման հետաքննութենէ ետք միայն միջազգային ատեանը պիտի սկսի իր սեփական հետաքննութեան: «Քազաֆիի մահը յստակացում պահանջող խնդիրներէն մէկն է, որովհետեւ կան լուրջ կասկածներ, թէ ատիկա պատերազմական ոճիր մը կրնայ ըլլալ», ըսաւ Օքամփօ։