
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լիան Փընեթա Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16ին Թուրքիա պիտի այցելէ՝ քննարկելու համար տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներ:
Ըստ թրքական լրատուական գործակալութեանց, նախարարը Անգարայի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահին, վարչապետին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Կ՛ենթադրուի, որ խորհրդակցութեան հիմնական նիւթերը պիտի ըլլան Իրաքը, թուրք-իսրայէլեան ճգնաժամի կարգաւորումը, Իրանի հիւլէական տագնապը եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները: