
ՕՔԼԸՆՏ, Քալիֆորնիա, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12-13ին, Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջաններուն մէջ գտնուող 11 նաւահանգիստներու մէջ տեղի ունեցած «Գրաւէ՛» շարժումին ցոյցերը յաջողած նկատուեցան զանոնք կազմակերպողներուն կողմէ, որոնք Երեքշաբթի օր որոշեցին կասեցնել ցոյցերը:
Ցոյցերուն մեծագոյնը տեղի ունեցաւ ամենամեծ նաւահանգիստներէն մէկը հանդիսացող Օքլընտի մէջ, որուն գործունէութիւնը մասամբ խանգարուեցաւ: Վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին ասիկա երրորդ առիթն էր, որով Օքլընտի նաւահանգիստին գործունէութիւնը կարելի եղած է կասեցնել շարժումին կողմէ, որ նաւահանգիստները կը նկատէ համաշխարհայնացման վատ հետեւանքներու լծակներէն մէկը: