ԹԻՖԼԻՍ.- Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ նշեալ նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան սահմանապահ ուժերը Թուրքիայէն ստացած են շուրջ 1.7 միլիառ տոլար արժողութեամբ անվճար զինամթերք։
Կը նշուի, որ նուէրը երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած ռազմական համագործակցութեան արդիւնք է։
Ըստ համաձայնագիրին, Թուրքիան Վրաստանին պիտի աջակցի վերջինիս բանակի ռազմական ամրապնդման եւ համալրման գործին մէջ։ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատարներ կը նշեն, որ այս համագործակցութեան հիմնական նպատակը վրացական բանակը ՆԱԹՕի չափանիշներուն համապատասխանեցնելն է։