ՀՐԱՆԴ ԱՃԷՄԵԱՆ
Չորս շաբաթներ անցան այն օրէն, երբ Կլենտէյլի Ժողովական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբին համերգը, եւ ցարդ հայկական մամուլը ոչ մէկ արձագանգ տուաւ անոր: Բացատրութիւնը՝ թէեւ ո՛չ արդարացուցիչ՝ կրնայ ըլլալ այն, որ մամուլը բացակայ էր այդ իրիկուն:
Յամենայնդէպս, իբրեւ մէկը, որ անցեալին խմբավար եղած է եւ երկար ու տքնաջան աշխատանքէ ետք բեմ հանած է երգչախումբեր, սրտի պարտքէ մղուած կ՛ուզեմ քանի մը համառօտ տողերով ներկայացնել համերգը՝ քաջալերելու համար կազմակերպիչ միութիւնը եւ ղեկավար Կոմիտաս Քէշիշեանի աշխատանքը:
Արդարեւ, Հոկտեմբեր 30ի երեկոյեան ժամը 7:30ին կը սկսէր համերգը ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներով: Յայտագիրի առաջին բաժինին կը հնչէր Կոմիտասի «Առաւօտ լուսաբեր», «Եար ջան արի-Առնեմ էրթամ» եւ «Ալագեազ-Խնկի ծառ» երգերը, որոնք իրենց ներդաշնակ եւ յուզական մեկնաբանութեամբ կը վառէին հոծ բազմութեան հոգիները: Ապա կը հնչէր Մ. Եկմալեանի «Տէր, կեցո Դու զհայս»ը, որուն մեներգը կը կատարէր Անահիտ Չադոյեան: Երգչուհին յաջողութեամբ կրցաւ նաեւ մեկնաբանել Բ. Կանաչեանի «Օրօր»ը: Ապա, երգչախումբը յաջորդաբար մեկնաբանեց Կոմիտասի «Հիմի՞ էլ լռենք»ը, Գ. Սիւնիի «Սարերը ման եմ եկել» եւ «Սարէն կու գայ ձիաւոր» երգերը, Կոմիաստի «Սայլի երգ»ը եւ «Գութանի երգ»ը, ցուցաբերելով հասուն եւ արհեստավարժ երգչախումբի մը կարողութիւնները:
Կարճ դադարէ մը ետք, յայտագիրի երկրորդ բաժինը սկսաւ Ճոն Նիւթընի «Էմէյզինկ կրէյս» երգով, որուն յաջորդեցին Մ. Եկմալեանի «Սուրբ սուրբ»ը եւ «Ով հայոց աշխարհ» երգերը՝ կրօնաշունչ եւ հայրենաշունչ մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահին մէջ: Բեմ հրաւիրուեցաւ Ռուբէն Թելունց, որ երգչախումբին ընկերակցութեամբ մեկնաբանեց Մ. Եկմալեանի «Լռեց…»ը եւ Ա. Տիգրանեանի «Դաւիթ Բեկ» օփերայէն Դաւիթ Բեկի արիան եւ Գուսանի երգը՝ ոգեւորութեան նոր ալիք մը բարձրացնելով սրահին մէջ: Ստեփան æրբաշեանի «Քնարական» երգէն ետք բեմ ներկայացաւ Մայքըլ Արապեան, որ յուզական ձայնով մեկնաբանեց Խ. Աւետիսեանի «Հովիւի երգը»: Յեղափոխաշունչ մթնոլորտ մը ստեղծեց ժողովրդական «Տալուորիկ» երգը, որուն յաջորդեց Ա. Տիգրանեանի «Հարի հարալօ»ն, որուն մեներգի բաժինը մեկնաբանեց Անահիտ Չախոյեանը:
Համերգի եզրափակիչ երգերն էին Էդգար Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ» եւ «Երեւան Էրեբունի» ստեղծագործութիւնները, որոնք ներկաներուն խանդավառութիւնը հասցուցին գագաթնակէտին: Կարգ մը երգերու պարագային, դաշնակով կ՛ընկերանար Լիտիա Թելունց, իսկ մէջ ընդ մէջ քառեակներու արտասանութեամբ հանդէս կու գար Վեհանոյշ Չօպանեան:
Իսկապէս գնահատելի է խմբավար Կոմիտաս Քէշիշեանի տարած աշխատանքը՝ սիրող անդամներով միաձոյլ ու ներդաշնակ երգչախումբ մը կազմելուն համար: Արդարեւ, նիւթապաշտ մթնոլորտի մը մէջ, այս ափերուն, իրենց առօրեայ չարքաշ աշխատանքէն ետք հայ երիտասարդներ թէ տարեցներ ի մի հաւաքելը եւ շաբաթական կանոնաւոր փորձեր ընելով քառաձայն երգչախումբ մը կազմելը հերսութեան համազօր երեւոյթ է: Աւելի՛ն, յատկանշական էր նաեւ այն իրողութիւնը, որ համերգին մուտքը ազատ էր՝ շնորհիւ հայ երգը եւ մշակոյթը սիրող եւ գնահատող բարերարներու հովանաւորութեան:
Համերգը հոգեկան վայելք պարգեւեց ներկայ հոծ բազմութեան, որ իր ծափերով արժանին հատոյց երգչախումբին եւ անոր ղեկավարին: