
ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի Ծերակոյտի շէնքին կից, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8ին տեղի ունեցած են «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը՝ մոռցուած հակամարտութիւն» եւ «ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ֆրանսացի համանախագահը» նիւթերով քննարկումներ։
Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան աջակցութեամբ տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին, խօսք առած է նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ, որ ներկաներուն ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած Մինսկի խմբակի գործունէութիւնը։
Ֆասիէ ընդգծած է, թէ հակառակ այն հանգամանքին, որ խումբը իր գործունէութիւնը սկսած է 1994ի Մայիսին, հիմնական աշխատանքները կեանքի կոչուած են 1997էն ետք։
«Այսօր սեղանի վրայ գտնուող փաստաթուղթի իւրաքանչիւր տարբերակ, փաստաթութ մըն է, որ մեր կողմէ մշակուած է 2005էն ի վեր։ Ի հարկէ, ես ալ շատ լաւ կը հասկնամ Ատրպէյճաի ցաւը. այդ երկիրին հողերը բռնագրաւուած են։ Իբրեւ ֆրանսացի, ես լաւ գիտեմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ բռնագրաւում, սակայն Մինսկի խումբը անգործութեամբ մեղադրելը՝ արդար չէ։ Մենք կողմերուն չենք կրնար ստիպել վերջնական տարբերակ ընդունիլ։ Կողմերը իրենք պէտք է գան համաձայնութեան: Մենք պարզապէս պէտք է այդ հարցին մէջ օգնենք անոնց։ Այսօր մեր խնդիրը պատերազմի վերսկսումը բացառելն է։ Այսպիսի պայմաններու մէջ, պատերազմը որեւէ պահու կրնայ բռնկիլ։ Մեր երկրորդ յաջողութիւնն այն է, որ կողմերը այսօր բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստած են», ըսած է ան։
Ֆասիէ նաեւ աւելցուցած է, թէ ամիսներ առաջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, բանակցութիւնները փակուղի մտած են։ Ան միաժամանակ յայտնած է, որ օրեր առաջ ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս որդեգրուած համատեղ յայտարարութենէն ետք, Ատրպէյճանի եւ Հայստանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումները կրնան աշխուժանալ։