ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».– Հայաստանի մարզական դաշնութիւնը (ՀՄԴ) դիմած է մարզաձեւի միջազգային դաշնութեան՝ 2012ին Հայաստանի մէջ մարաթոնեան վազքի միջազգային մրցաշարք իրականացնելու համար:
ՀՄԴի գլխաւոր քարտուղար Նարինէ Շահբազեան կը յայտնէ, որ միջազգային դաշնութիւնը արդէն այդ մրցաշարը ընդգրկած է միջազգային օրացոյցին մէջ: Հայաստանի մէջ մարաթոնեան վազքի միջազգային առաջին մրցաշարքը պիտի կայանայ Հոկտեմբեր 21, 2012ին, Երեւանի մէջ: