ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 7ին ընդունած է ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետի առաջին տեղակալ, զօրավար-հրամանատար Էնրիքօ Աբրեամովն ու գլխաւոր սպայակոյտի պետի տեղակալ, զօրավար Ստեփան Գալստեանը:
Արցախի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-հրամանատար Մովսէս Յակոբեանի ներկայութեամբ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են բանակաշինութեան վերաբերող հարցեր: