ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔ, «Փանորամա».- Գեղարքունիքի մարզի ընկերային ապահովութեան ծառայութեան մէջ Հայաստանի Վերահսկիչ պալատը (ՎՊ) արձանագրած է մեծ խախտումներ, որոնց մասին հրապարակած է ՎՊ նախագահ Իշխան Զաքարեան: Ըստ հրապարակուած խախտումներուն, մարզի Մարտունիի շրջանի հասարակական ծառայութեան մէջ արձանագրուած է 22.3 միլիոն դրամի խախտում, Վարդենիսի մէջ՝ 7.3 միլիոն դրամի, Գաւառի մէջ՝ 5.2 միլիոն դրամի, Սեւանի մէջ՝ 7.2 միլիոն դրամի, իսկ Ճամբարակի մէջ՝ 19 միլիոն դրամի:
Յիշեցնենք, որ նախորդ նիստին, որ տեղի ունեցած էր Արարատի մարզին մէջ, յայտարարուած էր, որ այդ մարզի հասարակական ծառայութեան մէջ եւս զգալի խախտման դէպքեր գտնուած են:
«Նպաստների համակարգում արձանագրուած ցանկացած խախտման համար պէտք է պատասխանատուութիւն կրի տուեալ ծառայութեան ղեկավարը կամ ծառայութեան այն աշխատակիցը, որը պատասխանատու է դրա համար», պնդեց ՎՊի նախագահը: Ան նաեւ յայտարարեց, թէ Վերահսկիչ պալատը Յունուար 1ին, վերահսկողութիւն պիտի իրականացնէ ամբողջ երկրին տարածքին։