ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Աւելի քան 800 ամերիկահայ գործիչներ, համայնքային ղեկավարներ, համակիրներ, ինչպէս նաեւ տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային բարձրաստիճան դէմքեր ներկայ գտնուեցան «Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկ-ճաշկերոյթին, որ կայացաւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 26ին: Յիշատակելի սոյն ձեռնարկի ընթացքին ընդգծուեցան

անցնող տարուան ընթացքին Հայ Դատի աշխատանքներուն իրագործումները եւ գնահատուեցան արժանաւորներ:
Ընդունելութենէն ետք, ձեռնարկին բացումը կատարելով՝ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ Քրիսթինա Ճաղարեան ու Լինտա Ատրան բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն՝ շեշտելով, թէ արդարօրէն պէտք է հպարտանալ Հայ Դատի յանձնախումբի իրագործումներով, միաժամանակ շեշտելով, թէ Հայ Դատի բոլոր նպատակներուն հասնելու համար, բաւական աշխատանք կայ տանելիք:
Լարա Ղարիպեանի կողմէ քայլերգներու կատարումէն ետք, կատարուեցաւ բացման միացեալ աղօթքը, Հայց. առաքելական, Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդներուն կողմէ, յաջորդաբար՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, վեր. Յովսէփ Մաթոսեան եւ հայր Գրիգոր Շահինեան:
Քոնկրեսական Էտ Ռոյս հանդիսացաւ ձեռնարկի առաջին մեծարուողը՝ ստանալով «Տարուան անձնաւորութիւնը» մրացանակը, Քոնկրեսին մէջ հայութեան շահերը պաշտպանելուն համար: Իր խօսքին մէջ, Ռոյս շեշտեց, թէ ժամանակը հասած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ճանչնան

Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ միաժամանակ կարեւորելով Թուրքիոյ կողմէ հայութենէն բռնագրաւուած կալուածներուն վերատիրանալու համար Ներկայացուցիչներու տան մէջ սկսած աշխատանքը:
Ապա «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը յանձուեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, հայութեան ձայնը աւելի լսելի դարձնելու նպատակով իր կատարած աշխատանքին համար: Ան իր ելոյթին մէջ շեշտեց Խրիմեան Հայրիկին կարեւոր դերակատարութիւնը՝ ազգային ազատագրական պայքարին մէջ, եւ յայտարարեց, թէ բոլոր հայերու պարտականութիւնն է պայքարիլ Հայ Դատին համար:
Ձեռնարկին ամենատպաւորիչ բաժինը տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութենէն անմիջապէս առաջ, երբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեան բեմ բարձրացաւ՝ պատուելու համար խումբ մը ամերիկահայ զինուորական վեթերաններ՝ ամերիկեան զինուորական ուժերուն ճամբով անոնց մատուցած սպասարկութեանց եւ զոհաբերութեանց համար: Մեծարեալներուն անունով ելոյթներ ունեցան անոնցմէ ամենատարեցը՝ Նիքի Սմիթ (ծնեալ՝ Սաթենիկ Կէօնճեան, 92 տարեկան), ու ամենաերիտասարդը՝ Գէորգ Խաչատուրեան (22 տարեկան), որ Աֆղանիստանի մէջ անցեալ Օգոստոսին տեղի ունեցած ականի մը պայթումին պատճառով երկու ոտքերը

կորսնցուցած է: Սմիթ իր զինուորական փորձառութեան մասին խօսելու կողքին յիշեցուց, թէ ինք եղած է ՀԵԴի առաջին անդամներէն, իսկ իր միութենական կնքահայրը եղած է Գարեգին Նժդեհը:
Ճաշէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Էնտրու Քիզիրեան ընդգծեց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբին պարտականութիւնն է պատրաստել ներկայ պայմաններուն համապատասխանող երիտասարդ ղեկավարներ, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ զօրացնել քաղաքական շրջանակներու հետ հայութեան կապերը՝ միաժամանակ քաղաքականապէս աշխուժացնելով ամերիկահայութիւնը: Շեշտելով, թէ համայնքը կարողականութիւնն ունի սոյն պարտականութիւնները իրականացնելու՝ ան շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկի իրականացման համար յատկանշական նուիրատուութիւններ կատարած հետեւեալ հովանաւորողներուն՝ գլխաւոր հովանաւորողներ Հերի եւ Շերըլ Նաճարեաններուն, ինչպէս նաեւ Յակոբ եւ Քրիսթինա Ճապարեաններուն, Աշխէն Փիլաւճեանին, Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, Վահէ եւ Նորա Եագուպեաններուն եւ Սերոբ ու Արշօ Պէյլերեաններուն:
Ապա, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Նորա Յովսէփեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց Գոհաբանութեան օրուան շաբաթավերջին կայացած Հայ Դատի խորհրդաժողովին մասին, որուն մասնակցած էր աւելի քան 500 հոգի՝ նշելով, թէ քաջալերական պէտք է
Այս տարուան «Ժառանգութեան» մրցանակը շնորհուեցաւ երկարամեայ համայնքային գործիչ Յակոբ Պաղտասարեանի՝ Հայ Դատին ու ընդհանրապէս ամերիկահայ համայնքին մատուցած անոր սպասարկութեանց փոխարէն:
Հայերէնով կատարուած իր ելոյթին ընթացքին, Յակոբ Պաղտասարեան դրուատեց Հայ Դատի յանձնախումբին տարած ազգանուէր աշխատանքը՝ միաժամանակ շեշտելով, թէ «մեր բոլորին պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ Հայ Դատին»: Յայտնենք, որ Պաղտասարեան սեփականատէրն է «Մասիս քեպապ» ճաշարաններու ցանցին:
«Տարուան խորհրդարանականը» մրցանակը ստացած եւ ամերիկահայութեան մօտիկ գործակիցներէն՝ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, իր ելոյթը հայերէնով սկսելու եւ աւարտելու կողքին («բարի երեկոյ» եւ «կեանքը լաւ է»), յայտնեց, թէ ինք ամերիկահայութիւնը կը նկատէ ամենալաւ կազմակերպուած քաղաքական համայնքներէն մէկը՝ դրուատելով ժողովրդային մակարդակով երկրի քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն ունենալու համար տարուող աշխատանքը:
«Ամբողջ կեանքի իրագործումներ»ու մրցանակը շնորհուեցաւ Քեն Խաչիկեանին, որ տասնամեակներու ընթացքին եղած է ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքական ընտրապայքարներու վստահելի խորհրդական ու ճառերու հեղինակ, ինչպէս նաեւ հեղինակն էր նախագահ Ռանըլտ Ռեկընի այն ճառախօսութեան, որով

վերջինս հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին յստակօրէն կը հաստատէր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
«Քալիֆորնիոյ հանրապետական քաղաքականութեան առիւծը» որակումին արժանացած Խաչիկեանը եւս դրուատեց Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքը՝ պատմելով, թէ Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը զաւակը ըլլալու հանգամանքը ինչպիսի՛ ազդեցութիւններ ձգած է իր վրայ: «Պէտք է յարրգենք յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք անապատէն փրկուեցան, եւ անոնց, որոնք չկրցան փրկուիլ», եզրակացուց ան:
Մեծարուեցաւ նաեւ բռնցքամարտիկ Վիք Դարչինեան, որ իր միջազգային ասպարէզին ճամբով կը ջանայ
Ձեռնարկէն յաւելեալ լուսանկարներ կարելի է տեսնել՝ այցելելով http://facebook.com/ancagrassroots կայքէջը, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան կարելի է հետեւիլ՝ այցելելով twitter.com/ancawr կայքէջը:

