Հայ Մանուկի Տարին
Դաշնամուրով, երգերով, կիթառով, ջութակով, գծագրութիւններով ու պարով տօնակատարուեցաւ Հայ Մանուկի տարին, Հոկտեմբեր 23ին, Կլենտէյլի մէջ։ Ձեռնարկը՝ «Մշակոյթի տաղանդաւոր պատանիներ» անունին տակ, կազմակերպուած էր Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին կողմէ։
Աւելի քան 60 աշակերտներ բեմ բարձրացան՝ ներկայացնելով երկու ժամ տեւողութեամբ գեղեցիկ ծրագիր մը՝ «Գրիգոր Եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Եիտասարդական կեդրոնին մէջ։
«Մշակոյթի ամիս ըլլալով, ձեզի պիտի հրամցնենք հունցք մը, բայց այս անգամ տարբեր հունցք մը՝ կազմուած մշակոյթի նուիրեալ տաղանդաւոր պատանիներով», ըսաւ մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Ալին Պզտիկեանը, իր բացման խօսքին մէջ։
«Կլենտէյլի մասնաճիւղ ըլլալով՝ փափաքեցանք լուսարձակի տակ դնել Կլենտէյլի մէջ գործող գեղարուեստի դպրոցները եւ անոնց տաղանդաւոր աշակերտները», աւելցուց Պզտիկեան։ Սակայն ծրագիրին մասնակցեցան նաեւ Կլենտէյլի սահմաններէն դուրս ապրող քանի մը պատանիներ։ Բոլոր մասնակցողները, ինչպէս նաեւ իրենց ուսուցիչները, ստացան պատուոգիրներ «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին կողմէ։
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը։ Ներկաները խորապէս ոգեւորուած եւ հիացած էին՝ վայելելով բազմաթիւ տաղանդներ։
Մասնակցող դպոցներն էին՝ International School of Music, Movsisyan GuitArt Studio, Armenian International Music School, Melody International Music School, Express Art Center, «Ծիածան» պարախումբ, Արին Մելքոնեան, Էլիանա Թուհարճեան, Վարդի եւ Մարալ Պոյաճեաններ եւ Գարինա Խատարեան։