
ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- «Լոս Անճելըս պիզնըս ճուրնըլ»ը կը տեղեկացնէ, թէ տնտեսական ճգնաժամին եւ վարկերու որակի անկման հետեւանքով դժուարութիւններ դիմագրաւած Պեվըրլի Հիլզի «Էքսել Նեշընըլ» վեցամեայ դրամատունը որոշած է որդեգրել աշխատանքի նոր մարտավարութիւն մը՝ միաժամանակ իր անունը փոխելով ու զայն «Ի.Էյչ. Նեշընըլ» դրամատուն (EH National Bank) դարձնելով:
Վարչական նոր խումբով մը իր աշխատանքը շարունակելով՝ դրամատունը պիտի առաջնորդուի Փիթըր Ահարոնեանի կողմէ, որ կը յայտնէ, թէ դրամատունը շեշտը պիտի դնէ յատկապէս Լոս Անճելըսի ու Օրենճ Քաունթիի մէջ գործող հայ եւ լիբանանցի գործարարներու վարկեր տրամադրելու մարզին վրայ, նկատի ունենալով, որ այս համայնքները սովորաբար կ՛անտեսուին այլ դրամատուներու կողմէ:
2005ին հիմնուած «Էքսել Նեշընըլ» դրամատունը, նախապէս իր ուշադրութեան առարկան դարձուցած էր Միացեալ Նահանգներու փոքր գործարարութեանց վարչութեան ծրագիրը եւ մինչեւ անցեալ տարի, դրամատունը կը գրաւէր 7րդ դիրքը Լոս Անճելըսի տարածքին այդ ծրագիրին միջոցաւ վարկեր տրամադրող դրամատուներու շարքին՝ ապահովելով 40 միլիոն տոլարի վարկ, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու տարածքին մասնաճիւղեր ունեցող շարք մը դրամատուներու ապահոված գումարներէն աւելի էր:
Սակայն, Ահարոնեան կը յայտնէ, թէ տնտեսական ճգնաժամը իր բացասական հետեւանքները ունեցած է նաեւ «Էքսել Նեշընըլ» դրամատան գործունէութեան վրայ, որովհետեւ վարկերուն մէկ մասը չէ վերադարձուած, որուն հետեւանքով, դրամատունը նախորդ եռամսեակին 8 միլիոն տոլարի վնաս մը արձանագրած է:
Ահարոնեան, որ 2003էն ի վեր «California First National» դրամատան գլխաւոր տնօրէնն էր, իր նոր պաշտօնին հրաւիրուած է՝ վերաշխուժացնելու համար «Էքսել Նեշընըլ» դրամատան գործունէութիւնը, բարելաւելով վարկերուն որակը:
«Տակաւին խնդրայարոյց վարկերու հետեւանքները կը կրենք, սակայն վատագոյն շրջանէն անցած ենք արդէն», կը վստահեցնէ Ահարոնեան:
Ահարոնեան կը յայտնէ, թէ լիբանանցիներու պատկանող «Սիտըրզ» դրամատան ծախուելէն ետք (2006ին), Միջին Արեւելքէն գործարարներ անտեսուած են մեծ դրամատուներու կողմէ, սակայն կը շարունակեն մնալ եկամուտի կարեւոր աղբիւր մը:
Ահարոնեան կը ծրագրէ նախորդ եռամսեակի 189 միլիոն տոլարի հասած դրամատան արժէքը աճեցնելու միջոցներ որդեգրել, եւ դրական կը նկատէ այն իրողութիւնը, թէ միայն այս տարուան ընթացքին դրամատունը 20 միլիոն տոլարի նոր ներդրումներ ստացած է՝ մեծամասնութեամբ ճափոնցի գործարար Քեսաօ Ֆուքայիէն, որ դրամատան հետ եղած է անոր հիմնադրութենէն ի վեր:
Ահարոնեան նաեւ կը յայտնէ, թէ դրամատան անունը «Ի.Էյչ. Նեշընըլ»ի փոխելու առաջարկը եկած է նոյնինքն Ֆուքայիէն, որ այդ տառերով անուն մը ունեցող այլ ընկերութիւն մը ունի, բացատրելով, որ այդ տառերը մարդկային իրագործումներու գերազանցում կը նշանակեն անգլերէնով (excellence in human achievement):