
Արդէն սկսած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Ան պիտի եզրափակուի Նոյեմբեր 24ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին կազմակերպուող թելեթոնով։
Այս տարուան հասոյթը, նախորդին նման, պիտի յատկացուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ գիւղերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման ծրագիրներուն։
«Հայաստան» Հիմնադրամի նման համահայկական կառոյցները, անկախ իրենց հետապնդած անմիջական ու մասնագիտական նպատակէն, ունին խորհրդանշական խորունկ նշանակութիւն։ Անոնց գոյութիւնն ու կենսունակութիւնը նաեւ իրողական փաստն են համայն հայութեան միասնականութեան, եւ միացման եզրը կը կազմեն տարասփիւռ հայութեան բազում ու բազմատեսակ հատուածներուն։
Միաժամանակ պէտք է հաստատել, որ հայութեան համազգային նպատակներու իրականացման տեսանկիւնէն՝ անգնահատելի է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն ամրապնդումը։ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերն ու Արցախի հայութիւնը երաշխաւորն են ամբողջ Հայաստանի ապահովութեան ու զարգացման։ Հետեւաբար, այդ շրջաններէն ներս ներդրումը կը հետապնդէ համահայկական նպատակներ։
Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք հայութեան բոլոր մասնիկներուն՝ մեծ թիւով եւ լիաբուռն կերպով մասնակցելու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հանգանակութեան։
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ
16 Նոյեմբեր, 2011