«Ամնըսթի Ինթըրնեշընըլ» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Ատրպէյճանի մէջ իշխանութեանց կողմէ մարդոց իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներուն:
Ատրպէյճանի մէջ մարդոց իրաւունքներու եւ ազատութիւններուն առնչուած զեկոյցին մէջ կազմակերպութեան նշումները կեդրոնացած են ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու, հասարակական գործիչներու եւ լրագրողներու նկատմամբ կիրառուող ճնշումներու մեթոտներուն վրայ:
Քննադատութեան ենթարկուած է նաեւ ատրպեճանական իշխանութեանց կողմէ ընդդիմութեան ցոյցերու արգիլման հարցը: