
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Նոյեմբեր 15ին ընդունած է ԱՄՆ Հիւսիսարեւմտեան համալսարանի «Ճոն Քելոկ»ի բարձրագոյն դպրոցի շուկայագիտութեան փրոֆ. Ֆիլիփ Քոթլըրը եւ ողջունելով զայն՝ նշած է, թէ անոր Հայաստան այցելութիւնը նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկրին մէջ շուկայագիտութեան զարգացման համար:
«Մեր կարեւորագոյն խնդիրներից մէկն այսօր կառավարման համակարգի արդիականացումն է: Այդ համաթեքսթում Ձեր դասախօսութիւնները կարող են մեծապէս նպաստել մեր աշխատանքների լաւագոյնս իրականացմանը», ըսած է ՀՀ վարչապետը:
Ֆիլիփ Քոթլըր, իր կարգին նշած է, որ Հայաստանի մէջ առկայ են շուկայագիտութեան զարգացման լաւ նախադրեալներ, սակայն անհրաժեշտ է ճիշդ ու հետեւողական քաղաքականութիւն վարել:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հայաստանի մէջ շուկայագիտութեան գերազանցութեան կեդրոնի մը ստեղծման հարցը: Ողջունելով գաղափարը՝ վարչապետ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու կեդրոնի ստեղծման գործին:
Նշենք, որ Քոթլըր Հայաստան իր մէկ շաբաթուան այցի ընթացքին սեմինարներ պիտի կազմակերպէ գործարարներու եւ ուսանողներու համար: