ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Արաբական լիկան Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2ին դռնփակ նիստ մը գումարեց՝ քննելու համար լիկայի նախաձեռնութեան վերաբերեալ Սուրիոյ պատասխանը։
Նիստի աւարտին, Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Համատ պըն Ճասեմ Թանի, որ կը գլխաւորէ Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի յատուկ յանձնախումբը, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ յանձնախումբին եւ Սուրիոյ միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ նշեց, թէ «աւելի ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ համաձայնութիւնը անմիջապէս գործադրուի»։ Համաձայնութեան կէտերն են՝ դադրեցնել բռնարարքները, ձերբակալեալները ազատ արձակել, հրասայլեր եւ ծանր զէնքերը հեռացնել քաղաքներէն, լրատուամիջոցներու արտօնել Սուրիոյ մէջ կացութեան ազատօրէն հետեւիլ եւ երկու շաբաթ ետք ազգային երկխօսութիւն կատարել Սուրիոյ մէջ։
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Սուրիա նշեալ երկխօսութեան առաջարկուած վայրին շուրջ վերապահութիւն յայտնած է։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը պատրաստուի Սուրիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրելու:
Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ նշեց, որ կարգ մը կառավարական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ իրենց հաւաստիութիւնը կորսնցուցած են, որովհետեւ «ճշմարտութիւններուն մէկ աչքով կը նային եւ չեն տեսներ ճշմարտութիւնը՝ ինչպէս որ է»։
«Այդ կազմակերպութիւնները չնշեցին, թէ Սուրիա 2150 բանակայիններ եւ ապահովական ուժերու անդամներ կորսնցուցած է», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ շարք մը ոճրագործներ ձերբակալուելով՝ խոստովանած են, որ իրենք էին քաղաքայիններ սպաննողները։
Մըքտատ նշեց. «Չենք ուզեր ըսել, որ սէուտական կամ յորդանանեան կամ լիբանանեան կամ թրքական կառավարութիւնն է, որ ահաբեկչական խմբակները կը հովանաւորէ, սակայն կը կարծենք, որ գումարները կու գան այդ երկիրներէն՝ ոչ պաշտօնական աղբիւրներէ, ուստի այդ երկիրներու մեր եղբայրներէն եւ քոյրերէն կը պահանջենք այդ մէկը չարտօնել, որովհետեւ այդ մէկը, ըստ ՄԱԿի օրէնքներուն, ահաբեկչութիւն հովանաւորելու համազօր է»: