
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Ճեք Հաճինեանի, որ Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ գործիչ մըն է:
Նոյեմբեր 8ին կայանալիք ընտրութեանց սեմին, Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Բագրատունի կոչ կ՛ընէ քաղաքի հայ բնակչութեան, որ քաղաքացիական իր պարտաւորութեանց տէր կանգնելով՝ մասնակցութիւն բերէ ընտրութեանց եւ քուէարկէ Հաճինեանի ի նպաստ:
Իբրեւ քաղաքի երկարամեայ բնակիչ, Հաճինեան գործօն մասնակցութիւն բերած է թէ՛ քաղաքի տնտեսական ու քաղաքական աշխատանքներուն, եւ թէ հայկական համայնքէն ներս գործող կազմակերպութեանց ծրագիրներուն, որոնցմէ շահած իր փորձառութիւնները զինք վերածած են քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան ատակ թեկնածուի մը:
Ճեք Հաճինեանի ընտանիքը Մոնթեպելլօ հաստատուած է 1957ին: Ան եղած է քաղաքի սպասարկութեան յանձնաժողովի, ոստիկանութեան հանրային ապահովութեան յանձնախումբի եւ քաղաքապետութեան ներդրումներու յանձնախումբի անդամ:
Հաճինեան ստանձնած է նաեւ Մոնթեպելլոյի առեւտուրի գրասենեակի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը, իսկ ներկայիս՝ Լոս Անճելըս գաւառի կալուածներու արժեւորման մարմինի անդամ է:
Ճեք Հաճինեան նաեւ եղած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան գանձապահը ու Մոնթեպելլօ-Ստեփանակերտ քոյր քաղաքներու մարմինի անդամ:
Նկատի ունենալով, որ քաղաքապետական ընտրութեանց ընթացքին երկու թեկնածուներ կրնան ընտրուիլ, Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է նաեւ նեցուկ կանգնիլ թեկնածու Ալպերթօ Փերեզի ընտրութեան: