
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, «Արարատ-Էսկիճեան» թանգարանը եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու ու հետազօտութիւններու ազգային միութիւնը (NAASR) կազմակերպած են «Հայկական Կարս եւ Անի» գիրքի եւ լուսանկարներու ներկայացում, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205):
Երեկոյի առաջին մասով, Յակոբ Կիւլլիւճեան՝ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ, պիտի ներկայացնէ վերջերս հրատարակուած գիրքը, որ խմբագրուած է Ռիչըրտ Գ. Յովհաննէսեանի կողմէ՝ UCLA-ի Հայկական եւ Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան փրոֆեսէօր:
«Հայկական Կարս Եւ Անի» գիրքը UCLA-ի «Հայկական պատմական քաղաքներ եւ գաւառներ» համագումարներու շարքի աշխատութիւններուն տասներորդ հատորն է: Այս հատորը կը ներկայացնէ շեղում նախքին հատորներէն, որոնք կեդրոնացած էին պատմական Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններուն վրայ, մինչդեռ Կարսն ու Անին մեծապէս մաս կը կազմեն Արեւելեան կամ Ռուսական Հայաստանի: Հատորը տրամադրելի պիտի ըլլայ ձեռնարկին ընթացքին, որուն աւարտին խմբագիրը պիտի մակագրէ զանոնք:
Փրոֆ. Յովհաննէսեան պիտի ցուցադրէ նկարներ 2011ի գարնան կատարած պատմական Հայաստանի իր այցելութենէն, որուն մասնակցած էր իբրեւ NAASR-ի կազմակերպած եւ Արմէն Արոյեանի ղեկավարութեամբ Հայկական ժառանգութեան շրջապտոյտի պատմաբան-առաջնորդը: Այցը առիթ ընծայեց փրոֆ. Յովհաննէսեանին տեսնելու այն քաղաքներն ու շրջանները, որոնց մասին շատ գրած ու խօսած է:
Յովհաննէսեան հեղինակն է «Հայաստանը Անկախութեան Ճամբուն Վրայ»՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած չորս հատորանոց շարքին եւ այլ հատորներու: Ան խմբագրած է աւելի քան քսան գիրքեր, որոնցմէ են՝ «The Armenian Genocide in Perspective», «The Armenian People from Ancient to Modern Times», «Remembrance and Denial», «Looking Backward, Moving Forward», «The Armenian Genocide: Cultural and Ethical Legacies»:
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (617) 489-1610, (818) 838-4862, (818) 242-4154 թիւերուն, կամ hq@naasr.org ու aem@ararat-eskijian-museum.com հասցէներուն: