
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ եւ Կազմակերպութեամբ ԼՕԽի շրջանային վարչութեան, գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ու մասնակցութեամբ ԼՕԽի շրջանային վարչութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն, Շաբաթ, 22 Հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ու տոհմիկ օր:
Նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին ԼՕԽի ձեռարուեստի եւ առողջապահական յանձնախումբերը, «Նայիրի», «Կարինէ», «Հայաշէն», «Սեւան», «Գայիանէ», «Աղթամար», «Արագած», «Ա. Ազիրեան», «Ա. Փափազեան», «Անի», «Աշխէն», «Անահիտ», «Ռուբինա» եւ «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղերը, ԼՕԽի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցն ու «Հայ ֆուտ»ը:
Իւրաքանչիւրը հայկական աւանդական ուտելիքներ պատրաստելով՝ զանոնք ցուցադրած էր պատշաճ կերպով եւ անոնց վաճառքով առիթ կու տար տոհմիկ ուտելիքները հայ եւ օտար տուներ տանելու:
Տոհմիկ օրուան բացումը կատարեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանն ու ԼՕԽի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Թալին Գլպաշեանը: Անոնք այցելեցին մասնաճիւղերուն կրպակները, շնորհաւորեցին ԼՕԽականներուն տարած աշխատանքը եւ քաջալերեցին զանոնք:
Այս նախաձեռնութեան նպատակին մասին խօսելով՝ Թալին Գլպաշեան յայտնեց, որ անիկա կը միտի որոշ գումարներ ապահովել, որպէսզի վերամուտի առիթով շրջաններու կարիքաւոր աշակերտներուն օժանդակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնները աւելնան, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ յաւելեալ մուտք ունենայ իր բարեսիրական ծրագիրները իրականացնելու: Անոր համաձայն, ասիկա նաեւ առիթ է հայկական տոհմիկ ճաշերուն ծանօթացնելու օտարները: