ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 23 Հոկտեմբերին, Զուիցերիոյ Ֆրանսախօս եկեղեցիներու խորհուրդի անդնամները՝ բաղկացած կաթոլիկ, ուղղափառ եւ բողոքական հոգեւորականներէ, մտաւորականներէ ու աստուածաբաններէ, ընկերակցութեամբ Թենի Սիմոնեանի, այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Մայրավանքը, Անթիլիաս։ Հիւրերը նախ այցելեցին Մայր տաճար, ուր եկեղեցական արարողութեան աւարտին, միաբան հայրերու կողմէ Աւետարանէն եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի աղօթքներէն ֆրանսերէն լեզուով հատուածներ կարդացուեցան։ Ապա անոնք ուղղուեցան Նահատակաց մատուռ, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներուն։
Եւրոպացի հիւրերը ապա առաջնորդուեցան «Կիլիկիա» թանգարան, ուր յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, անոնց բարի գալուստ մաղթեց Մասիս վրդ. Զօպույեանը, որ ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու առաքելութեան առնչուած տարբեր բնագաւառներուն՝ ընդգծելով մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային ծառայութիւններն ու միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւնները։ Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ վրդ. Կռանեանը, որ խօսեցաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ անոր առաքելութեան տարբեր բնագաւառներուն մասին։
Յանուն Լիբանանի Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն, խօսք առաւ վերապատուելի Ռոպեր Սարգիսեան։ Ան անդրադարձաւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն ու երկխօսութեան կարեւորութեան, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ։ Ան յիշեց «Հայկազեան» համալսարանը, որ հայկական միակ համալսարանն է, նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ համագործակցութեան փորձառութիւնը։ Ան լուսարձակի տակ առաւ մանաւանդ Արամ Ա. կաթողիկոսի իւրայատուկ դերակատարութիւնը միջազգային ընտանիքէն ներս եւ անոր ունեցած դրական անդրադարձը հայկական մեր իրականութեան վրայ: Վերապատուելին իր խօսքը փակեց ըսելով. «Ներկայ ժամանակներուն, երբ կը խօսինք «էքիւմենիզմ»ի մասին, մեր աչքերը կը սեւեռենք Անթիլիասին եւ անոր գահակալին»։
Ապա Դպրեվանքի երգչախումբը ելոյթ ունենալով՝ ներկաներուն փունջ մը շարականեր ներկայացուց, ղեկավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի։
Աւարտին, հիւրերը հիացումով այցելեցին «Կիլիկիա» թանգարանը. Հրանդ աբղ. Թահանեան անոնց տուաւ համապարփակ տեղեկութիւններ Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած եկեղեցական ու ազգագրական անգին գանձերու մասին։ Ապա հիւրերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ընթրիքի հիւրերը եղան։ Անոնք իրենց անհուն գոհունակութիւնը յայտնեցին եւ աւելիով սերտացուցին իրենց կապը հայ ժողովուրդին հետ։