ՊՈԼԻՍ.- «Հաճոյքով տեղեկացանք, որ Երեւանի մէջ պետական պատուէրով ու Արթիւր Անդրանիկեանի նախաբանով ու խմբագրութեամբ հրատարակուեցաւ մեր սիրելի աշխատակից, բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի մէկ հաւաքածոն, որ կոչուած է հեղինակին նախապէս Իսթանպուլի մէջ հրատարակուած գիրքին խորագրով՝ «Սիրոյ Գոյնը»», կը տեղեկացնէ «Մարմարա»։
Արթիւր Անդրանիկեան, որ կը գործէ Հայաստանի գրողներու միութեան եւ «Գրական թեր»չի շրջանակներէն ներս, մէկն է այն հայաստանցիներէն, որոնք մասնաւոր կերպով կը հետեւին պոլսահայ նոր գրականութեան։ «Ան համակիր մըն է նաեւ Իգնա Սարըասլանի բանաստեղծութեան, ու իրականացուցած է այս գիրքը, որուն մէջ ան ակնարկ մը կը պտտցնէ մեր սիրելի բանաստեղծին երեք գիրքերուն վրայ՝ «Լօ», «Քառասմբակ սէրերով» ու «Սիրոյ Գոյնը», եւ հատընտիր մը պատրաստած է այս երեք գիրքերէն կատարուած քաղուածքներով։ Իր նախաբանին մէջ, ան կը մեկնի Սարըասլանի սա տողերէն. «Գիշերը առանց աղօթքի կրօնք մըն է հիմա»», կը գրէ «Մարմարա»։
«Մարմարա» կը յայտնէ նաեւ, որ ասիկա առաջին անգամը չէ որ Սարըասլան կը հրատարակուի Հայաստանի մէջ, բայց այս հրատարակութիւնը աւելի մօտէն ու նոր ստեղծագործութիւններու լոյսին տակ պիտի ծանօթացնէ բանաստեղծը Հայաստանի գրասէրներուն։