Կիրակի, Հոկտեմբեր 2ին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. պատարագին հանդիսապետեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ապա իր հայրական պատգամով հաւատացեալներուն փոխանցեց օրուան խորհուրդը։ Օրուան պատարագիչն էր Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, աղօթակից էր նաեւ Եփրեմ արք. Թապագեան։
Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ աւանդատան զոյգ պատուհաններու սրբանկարներուն օծումը, որոնք եկեղեցւոյս նուիրուած էին Խաչատուրեան եւ Քէչէճեան ընտանիքներուն կողմէ, ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ սիրեցեալներուն՝ տիրամայր Արեգնազ Խաչատուրեանի եւ եկեղեցւոյս դպրաց դասէն ուրարակիր Յովսէփ Քէչէճեանի։
Օծումէն ետք առաջնորդը վեր առաւ ննջեցեալներուն եկեղեցասիրութիւնն ու Աստուծոյ տան պայծառացման համար անոնց ունեցած անպայմանաւոր ծառայութիւնը, ապա ան իր մխիթարական խօսքը ուղղեց հանգուցեալներու ընտանեկան պարագաներուն։
Այս առիթով հովիւն ու հոգաբարձութիւնը իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Խաչատուրեան եւ Քէչէճեան ընտանիքներուն, իրենց սիրելիներուն յիշատակը անմահացնող եւ եկեղեցւոյս բարեզարդման ի խնդիր կատարուած այս նուիրատուութեան համար։