
Չէի կարծէր որ «9/11ը եւ Մենք» գրութիւնս կ՛որոշես լոյս ընծայել «Ասպարէզ»ին մէջ՝ իր մէջ պարփակուած յոռետեսութեան պատճառով: Զայն ընթերցող ընկերներէս ստացայ բողոքի կանչեր: Հաւանաբար տեղին են:
Բոլորին ալ կիզակէտը գրութեանս վերջին տողերն են (տես. Գշ., Հոկտ. 4, 2011): Կարծես բոլորին ալ խորթ է «անիծուած ազգ ենք» կամ «գեհենօրէն կ՛արդիանանք» տողերս. Լաւ կարդացողը պիտի հասկնայ որ իմ ցասումս աւելի մեր անբարեհաճ, սրիկայ ճակատագիրին հանդէպ է քան թէ «Աստծոյ կամ ամերիկացիին»: Օձէն մէկ անգամ խայթուողը այլեւս կը զգուշանայ օձին բոյնը խառնելէ կամ օձին թոյնը փորձարկելէ, մնաց որ օձը դեռ նոյն (ա՛լ աւելի ծպտուած) օձն է, իսկ մե՞նք, նոյն ախմախները՞. մեր ղեկավարները ե՞րբ պիտի հասկնան որ մեզ երեք կողմէ շրջապատող հարեւանները ծաղկաւէտ դրասանգներ չեն այլ մեր մնայուն թշնամիներն են որոնց մարդանալը պիտի չտեսնենք, ըստ այնմ շրջահայեաց ըլլանք. իսկ մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ է որ մեր կիները հայու արեան ծարաւ թշնամի երկիրի մէջ ուրախ-զուարթ կը պոռնկանան («æուրը ինկողը Օձին ալ կը փաթթուի» հայկական խորիմաստ առած), տղամարդիկն ալ կը ռուսանան առատօրէն Հայաստանէն հեռու:
«Ո՞ւր ես գալիս, ա՛յ Գարուն / Սաղ տեղ չմնաց մեր երկրին / Զո՜ւր ես գալիս, ա՛յ Գարուն» կ՛երգէր մեր բանաստեղծներէն մին:
Ճիշդ է որ Անկախ Հայաստան մը երազելը ամօթ չէ, բայց մեր ո՞ր ուժին կամ նկարագիրին վստահած: Խնդրեմ ըսէ՛ք որ քիչ մը ուրախանամ:
ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ