Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2011ը ուսուցիչներու մասնագիտական զարգացման օր էր «Ֆերահեան» Ազգ. երկրորդական վարժարանէն ներս: Արդարեւ, տարուան ընթացքին, զանազան առիթներով, երբ աշակերտութիւնը դպրոց չի գար, վարժարանի ուսուցչակազմին կը տրամադրուին զանազան թեմաներով միօրեայ շահեկան սեմինարներ: Այդ սեմինարները կը նպաստեն, որ ուսուցիչները մանկավարժութեան, ուսուցման, արհեստավարժութեան, աշակերտի հոգեբանութեան, դասաւանդութեան նոր մեթոտներու, Շտապ օգնութեան եւ այլ մարզերու մէջ նորագոյն զարգացումներուն ծանօթանան:
Դպրոցական այս տարեշրջանի մասնագիտական զարգացման առաջին օրը նուիրուած էր շտապ օգնութեան. անիկա տեղի ունեցաւ դպրոցի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ Էնսինոյի եւ Նորթ Հիլզի համալիրներուն մէջ գործող նախակրթարանի եւ միջնակարգ-երկրորդականի ուսուցիչներուն, անձնակազմին եւ տնօրէնութեան:
Այդ օրը ուսուցիչները աշակերտներ դառնալով՝ զեկուցումներու եւ գործնական կիրարկումներու ճամբով ծանօթացան դպրոցէն ներս պատահած որեւէ արկածի պարագային, աշակերտին օգտակար դառնալու եւ զայն ազատելու միջոցներուն:
Այս մէկը հետաքրքրական ու շահեկան սեմինար մըն էր, այն իմաստով, որ աշակերտին ուսում ջամբելու կողքին, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է անմիջական օգնութիւն տրամադրել ֆիզիքապէս վնասուած կամ մահուան սպառնալիքի տակ գտնուող պատանիներուն եւ մանուկներուն:
Վարժանքը կատարեց Ամերիկեան սրտի ընկերակցութեան պաշտօնական մարզումի կեդրոնի պատասխանատու հայազգի Ճօ Գրիգորեան, որ շնորհիւ հաղորդական ուսուցիչ մը ըլլալու եւ նիւթը հետաքրքրական ձեւով ներկայացնելու իր յատկութեան, մեզ կապեց նիւթին ու շահեկան տեղեկութիւններով օժտեց բոլորս: Իրեն կ՛օժանդակէին կեդրոնէն երկու այլ մարզողներ՝ Շանթ Ղազարեան եւ Արիկա Աղաճանի: Կեդրոնը, որ երեք քաղաքներու մէջ մասնաճիւղեր ունի, կը կոչուի CODE 3 LIFE SUPPORT EDUCATION:
Վարժանքի մեր պահը բաժնուած էր երկու հանգրուաններու: Առաջինը, որ կատարուեցաւ կէսօրէն առաջ եւ կ՛երկարէր երկու ժամուան վրայ, յատկացուած էր գրեթէ մահացած անձ մը կեանքի վերադարձնելու ձեւերուն (CPR): Ոչ մասնագէտ ազատագրողի մը կողմէ չափահասի մը տրամադրուած օգնութիւնն էր ասիկա, որուն մասին Ճօ խօսեցաւ եւ խօսքէն գործնական փորձերու անցաւ, երբ մասնակիցները «մանըքեն»ներու վրայ կատարեցին գրեթէ մահամերձ հիւանդին սիրտը վերակենդանացնելու եւ շնչառութեան ճամբան բանալու փորձերը:
Տխուր ու ճնշող էր նիւթը, սակայն իր ճիւղին մէջ մասնագիտացած Ճօն, իր զուարթախօսութեամբ, հայերէն դարձուածքներով կրցաւ նուազեցնել նիւթին ծանրութիւնը եւ փրկարար մը դառնալու կարեւորութիւնը բացատրել մեզի:
Երկրորդ բաժինը, որ տեղի ունեցաւ կէսօրէն ետք եւ տեւեց նոյնպէս երկու ժամ, տրամադրուած էր ֆիզիքական զանազան վնասուածքներու պարագային շտապ օգնութեան հասնելու հարցին: Այդ վնասուածքներէն էին՝ թունաւորում, նուաղում, կերակուրէն ու ջուրէն խեղդուիլ, խածուածք, կոտրուածք, այրուածք, քիթի արիւնահոսութիւն, գլխու հարուածներէ վնասուածք…:
Այս վերջիններուն մասին տեսաերիզ ցուցադրեց մեր դաստիարակը եւ իր ուսուցումը կատարեց՝ բերելով իր անձնական փորձառութենէն օրինակներ, որոնք մեծապէս տպաւորեցին ունկնդիրները:
Յիշենք, թէ այս սեմինարին հետեւողները պիտի ստանան համապատասխան վկայագիրներ:
Սեմինարին սկիզբը տնօրէնը խօսեցաւ դպրոցական այս շրջանին հետ կապուած ուսումնական հարցերու մասին, իսկ աւարտին, ուսուցիչները խմբային ժողովներ ունեցան, կրթական զանազան մարզերու վերաբերեալ:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)