«Նիւ Եորք Թայմզ» կը տեղեկացնէ, թէ Ֆլորիտա նահանգին հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացած է

յայտնի զինավաճառ Սարգիս Սողանալեան, որ 82 տարեկան էր: Ըստ անոր զաւակին՝ Կարօ Սողանալեանին, հայրը մահացած է սրտի տագնապի պատճառով:
Սողանալեան, որ յայտնի է «մահուան վաճառական» ծածկանունով, մահացած է Հոկտեմբեր 5ին։ Ան Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան հետ գործակցելով՝ մեծ քանակութեամբ զէնք մատակարարած էր Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի ուժերուն, Իրաք-Իրան պատերազմի ընթացքին։ Ան զէնք մատակարարած էր նաեւ Նիքարակուային։ 1990ականներուն, Սողանալեանի անունը յաճախ կ՛երեւէր աշխարհի եւ յատկապէս ամերիկեան մամուլի էջերէն։
Հակասական անձ մըն էր ան, որ 20րդ դարու մեծագոյն զինավաճառներէն մէկը կը նկատուէր եւ միաժամանակ սերտօրէն կը համագործակցէր ամերիկեան գաղտնի գործակալութիւններու հետ։ Ամերիկայի իսկ քաջալերանքով, ան Իրաքի վաճառած էր ռազմական ուղղաթիռներ ու հրթիռային համակարգեր, սակայն հետագային աղմկայարոյց դատական բազմաթիւ հարցեր շղթայազերծուած են իրեն դէմ՝ նոյն ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ։
Իր որդւոյն խօսքերով, Սարգիս Սողանալեան յաջողապէս կը տիրապետէր անգլերէն, ֆրանսերէն, հայերէն, թրքերէն ու արաբերէն լեզուներուն, նաեւ կրնար հաղորդակցիլ իտալերէն ու սպաներէն լեզուներով։
Սողանալեանի կեանքի ուղին, որ շարժապատկերներու համար հարուստ նիւթ կը պարունակէ, լեցուն էր բազմաթիւ արկածախնդրութիւններով։
1981ին ան ընդունած էր, որ Մորիթանիոյ զէնքի վաճառքի մը մէջ ապօրինի քայլի մը դիմած էր, բայց դատաւորը, նկատի առնելով, որ Սողանալեանի գործունէութիւնը կապ ունի Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան վարած միջազգային գործերու հետ՝ ազատ արձակեց զայն։ 1993ին, ան 6.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ 103 ուղղաթիռներ Իրաք փոխադրելու յանցանքով, բայց յաջողեցաւ պատիժը երկու տարուան իջեցնել, երբ ամերիկացի հետախոյզներուն յայտնեց Լիբանանի մէջ կեղծ 100 տոլարնոց բարձրորակ թղթադրամներ շրջանառութեան մէջ դնելու վայրը։ Քանի մը ամիս ետք, Սողանալեան ուրիշ յանցանքի մը համար դարձեա՛լ մեղաւոր հռչակուեցաւ, սակայն իր պատիժը այս անգամ եւս կրճատուեցաւ:
«Ցուրտ պատերազմի օրերուն, ան շատ կարեւոր դեր ունեցած է Ամերիկայի անունով», կ՛ըսէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի հետազօտական լրագրութեան դասախօս Լոուըլ Պերկման, որ ականատես եղած է, թէ ինչպէս 1985ին, Սողանալեանի Ժընեւի գրասենեակ այցելած են ամերիկացի, իսրայէլացի, պաղեստինցի ու լիբանանցի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։
«Ամէն անգամ, երբ իրեն դէմ հետաքննութիւն կը սկսէր, ան իր կառավարական ընկերներուն, այդ կարգին՝ ծերակուտականներու հետ կապ կը հաստատէր, ու անոնց պաշտպանութիւնը կը վայելէր։ Զարմանալի է, թէ ինչքա՛ն բան գիտէր ան», կ՛աւելցնէ Պերկման, ընդգծելով որ հակառակ ապօրինի իր կարգ մը գործողութիւններուն, Սողանալեան նաեւ շատ լաւ բաներ ըրած է Ամերիկայի համար։
Սողանալեան ծնած էր Հայաշէն, Փետրուար 6, 1929ին։ Հօր մահէն ետք, անոր ընտանիքը փոխադրուած է Պէյրութ, ուր ան չէ կրցած աւարտել Նոր Հաճըն թաղամասի վեցամեայ դպրոցի ընթացքը։ Պատանի տարիքին նետուած է կեանքի ասպարէզ՝ որպէս ինքնաշարժներու լաւ գիտակ ու հմուտ մասնագէտ։ Շուտով իր յաճախորդները դարձած են Լիբանանի նախագահներն ու վարչապետները, այնուհետեւ՝ Յորդանանի թագաւորական ընտանիքի անդամները։ Յետագային, Սողանալեան Նիւ Եորքի մէջ գերմանական «Վոլքսվակըն» վաճառանիշով ինքնաշարժներու վաճառքի ներկայացուցիչը դարձած է, եւ աւելի ուշ ալ՝ Ամերիկայի ամբողջ տարածքին եւրոպական շարք մը ինքնաշարժներու ներկայացուցիչը։
Յաջորդող տարիներուն Սողանալեանի հետաքրքրութիւնները տարածուած է օդանաւային բեռնափոխադրումներու վրայ, որմէ անցած է դէպի զէնքի փոխադրումներ ու զինավաճառութիւն:
Յիշարժան է յատկապէս Իրաքին մատակարարած 130 ուղղաթիռներու փոխադրութեան պատմութիւնը։ Իսրայէլական «Մոսատ»ը, նախապէս տեղեակ ըլլալով պատրաստուած գործառնութեան մասին՝ սպառնացեր է տեղ չհասած պայթեցնել զանոնք։ Բայց Սարգիս Սողանալեանի կապերն ու հմտութիւնը յուշած են, որ ան ուղղաթիռները նախ փոխադրէ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն մէկը, ապա հասցնէ Իրաք։
Սարգիս Սողանալեան բարերարութիւններ ըրած է ազգային հաստատութիւններուն։ Ան կառուցած է Մայամիի Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ նիւթապէս օգնած է նաեւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինին, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի օրով։
1992-1993ին, թրքական թերթերը կը գրէին, որ Սողանալեան արդիական հակա-օդային թեթեւ զէնքեր նուիրած է հայկական կողմին։
Ի դէպ, 1958ին, Սողանալեան ամուսնացած է Պէյրութի մէջ, ուսուցչուհի Շիրլի Ատամզի հետ, սակայն 1970ականներուն ամուսնալուծուած է կնոջմէն։