
ԶՄՄԱՌ.- Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու տարեկան համագումար-սիւնհոդոսը ընթացք առաւ Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Զմմառու վանքին մէջ, ներկայութեամբ հայկական զանազան գաղթօճախներէ ժամանած հայ կաթողիկէ առաջնորդներու:
Միջգաղութային կրօնական-եկեղեցական հարցերու եւ հայ կաթողիկէ համայնքի իրավիճակի քննութեան յատկացուած այս սիւնհոդոսը պիտի տեւէ մինչեւ 21 Հոկտեմբեր:
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, բացումը կատարելով սիւնհոդոսին՝ ողջունեց ներկաները՝ բարեյաջող ընթացք մաղթելով եպիսկոպոսներու քննարկումներուն:
Նշենք, որ Պէյրութէն դէպի հիւսիս-արեւելք 36 քլմ. հեռաւորութեան վրայ բազմած Զմմառու մայրավանքը կառուցուած է 1749ին:
Քեսրուան գաւառի սիրտը գտնուող այս հոգեւոր կեդրոնին մէջ կը հանգչին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ 6 պատրիարքներու աճիւնները: