
ԵՐԵՒԱՆ, «Մետիամաքս».- «Պոպոկ» գովազդի միջազգային 2րդ փառատօնը շփումներու խաչմերուկ պիտի դառնայ Եւրոպայի եւ Ասիոյ գովազդային ներկայացուցիչներուն միջեւ. այսպէս կը խոստանան փառատօնի կազմակերպիչները:
Սեպտեմբեր 28ին, «Պոպոկ» փառատօնի նախագահ Արմէն Մարտիրոսեան ըսած է, թէ այս տարի ընդլայնուած է փառատօնին աշխարհագրութիւնը: Կազմակերպիչները կ՛ակնկալեն, որ փառատօնին պիտի մասնակցին աւելի քան 25 երկիրներու ներկայացուցիչներ՝ Ռուսիայէն, Իրանէն, Թուրքիայէն, Ուքրանիայէն, ԱՄԷէն եւ Փաքիստանէն:
«Այսօր հայկական գործարարութեան համար առաջնային խնդիր է հայկական մակնիշի առաջխաղացումը: Փառատօնի շրջանակներում անցկացուելիք վարպետութեան դասերը կ՛օգնեն մեզ շտկել գովազդի ոլորտում առկայ բացերը», ըսած է փառատօնի նախագահը, յորդորելով հայաստանեան գովազդային ընկերութիւնները մասնակցիլ փառատօնին:
«Պոպոկ» գովազդի միջազգային 2րդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 27-29ին, Երեւանի մէջ: Փառատօնին առանցքը կը կազմեն մրցութային ծրագիրը եւ վարպետութեան դասերը:
Մրցութային ծրագիրի միջազգային դատակազմի նախագահն է «Եւրոպայի արթ-տնօրէններու ակումբ»ի նախագահ Ֆրանքօ Մորեթին:
Աշխատանքներու ներկայացման վերջնաժամկէտն է Հոկտեմբեր 18ը: Մրցոյթը պիտի իրականանայ հետեւեալ անուանակարգերուն մէջ. «Գովազդային հոլովակ», «Տպագիր եւ արտաքին գովազդ», «Թուային եւ նոր գովազդակիրներ», «Կրաֆիքական տիզայն» եւ «Մարքեթինկային արշաւ»: