ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր բակին մէջ, մեր քիթին տակ, Օսմանեան զինուորական փողերախումբը տողանցք պիտի կատարէ յառաջիկայ Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբերին:
Հասկնալի է, որ կազմակերպողներու այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը պիտի յառաջացնէր տեղւոյս հայ համայնքին՝ մեր, ընդվզումը:
Իբրեւ անմիջական հակազդեցութիւն, դաշնակցական երիտասարդները, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց բողոքի ցոյց, որ տեղի պիտի ունենայ տողանցքի վայրին մօտակայքը:
Իբրեւ անմիջական հակազդեցութիւն՝ Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր այս տողանցքը բնութագրեց իբրեւ ցեղասպանական ժամանակաշրջանի վերապրուկ մը, որուն քայլերթը կը վիրաւորէ մեր արժանապատուութիւնը:
Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ իր դատապարտութեան խիստ խօսքերը ուղղած է Լոս Անճելըսի պատկան իշխանութեանց, որոնք անպատասխանատու կերպով արտօնութիւն տուած էին կազմակերպողներուն՝ ձեռնարկել այս տողանցքին ծրագիրը:
Օսմանեան զինուորականութեան ժառանգները, հանդիսանալու հպարտանքով մեր առջեւ տողանցելու դուրս եկողները, պէ՛տք է անդրադառնան, որ իրենք կը կրեն Հայկական Ցեղասպանութիւնը գործադրող ենիչերիներու խարանը, եւ իբրեւ այդպիսիք՝ մեզի համար անհանդուրժելի ներկայութիւն են մեր շուրջը:
Հայ Դատի յանձնախումբը լծուած է այս ձեռնարկը կասեցնելու աշխատանքին, եւ այդ ուղղութեամբ հանդիպումներ կ՛ունենայ Լոս Անճելըսի ընտրեալ պաշտօնատարներու հետ:
Կը յուսանք, որ այս հանդիպումները բարեյաջող աւարտ կ՛ունենան: Իսկ եթէ Հայ Դատի յանձնախումբը չկարենայ համոզել Լոս Անճելըսի պատասխանատուները, ապա մենք պատրաստ պիտի ըլլանք հոծ թիւերով կանգնելու տողանցողներուն առջեւ եւ արտայայտելու մեր ընդդիմութիւնը:
Թոյլ չտանք, որ ցեղասպաններու ժառանգները ծաղրեն մեզ:
«Ասպարէզ»ը տպագրութեան ուղարկելու պահուն տեղեկացանք, որ տողանցքը կազմակերպողները իրե՛նք ջնջած են իրենց ձեռնարկը: Մանրամասնութիւնները՝ վաղը: