ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27ին հաղորդեց, թէ 2010ին ամերիկացիներուն եկամուտը միջին հաշուով նուազած է 0.6 տոկոսով՝ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով: 2009ին այդ նուազումը եղած էր 1.1 տոկոսով: Միաժամանակ, 2010ին ամերիկացիները 2 տոկոս համեմատութեամբ նուազ ծախսած են, քան 2009ին: 1984էն ի վեր կառավարութեան կողմէ ուսումնասիրուող այս ցուցանիշը, միայն երկրորդ անգամն է որ անկում կ՛արձանագրէ:
Նոյն օրը նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին տնտեսութեան նկատմամբ ամերիկացիներուն վստահութիւնը կը շարունակէ տկար մնալ:
Յայտնենք, թէ Ծերակոյտի դեմոկրատական եւ հանրապետական անդամները Երկուշաբթի գիշեր յաջողեցան ժամանակաւոր համաձայնութիւն մը եւս գոյացնել բանաձեւի մը շուրջ, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Սեպտեմբեր 30էն ետք կառավարութեան գործունէութիւնը շարունակելու բաւարար գումարներ յատկացնել։
Համաձայնութիւնը մինչեւ Նոյեմբեր 18, կառավարութեան բաւարար գումար կը տրամադրէ:
Հերթական տագնապը յառաջացած է արտակարգ իրավիճակներու դաշնակցային գործակալութեան (ՖԻՄԱ) յատկացուելիք յաւելեալ գումարներուն հարցով:
Հանրապետականները կը պահանջէին, որ այդ գումարները յատկացուին մաքուր ուժանիւթի զարգացման ծրագիրներու համար նախատեսուած գումարներէն, սակայն համաձայնութիւն գոյացաւ, երբ արտակարգ իրավիճակներու գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ յատկացուած գումարները բաւարար են: