ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտէն ու Ատրպէյճան-Ամերիկա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակէն միացեալ պատուիրակութիւն մը Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին Պաքու այցելած է, երկու կողմերուն միջեւ գործակցութիւնը ընդարձակելու յոյսով: Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Կենսոլորտի որակի յանձնախումբի ատենապետ Ճօ Սիմիթեան, որ ըսած է, թէ այցելութեան նպատակն էր՝ քննել գործակցութեան կարելիութիւնները: Ատրպէյճանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութեանց եւ միջխորհրդարանական կապերու յանձնախումբի նախագահ Սամատ Սէյիտով ողջունեց երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութեանց մակարդակը ու աւելցուց, թէ Ուաշինկթըն կարեւոր դեր ունի Արցախի տագնապը լուծելու ջանքերուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.