
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Երեւանի լաւագոյն կրթական հաստատութիւններէն մէկը համարուող Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը 2013ին պիտի ունենայ «Պաչըլըրզ» (BA) որակաւորումով մասնագէտներու պատրաստման կրթական ծրագիրներ:
Այս մասին Սեպտեմբեր 27ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ներկայ նախագահ Պրուս Պօղոսեան, նշելով, որ այդ քայլին իբրեւ արդիւնք, իրենց ուսանողներուն թիւը պիտի աւելնայ, քանի որ համալսարան պիտի կարենան ընդունուիլ նաեւ հանրակրթական դպրոցներու շրջանաւարտները՝ ի տարբերութիւն մագիստրոսի վկայականի ծրագիրին, որ միայն համալսարաններու շրջանաւարտներ կ՛ընդունի:
«Ատիկա մեզի առիթ պիտի տայ տարեկան չորս անգամ աւելի ուսանողներ ընդունելու եւ նաեւ ունենալու աւելի երիտասարդ ուսանողական անձնակազմ», նշեց Պրուս Պօղոսեան:
Համալսարանը, որ այս օրերուն կը նշէ իր հիմնադրման 20րդ յոբելեանը, մինչեւ այժմ կը պատրաստէր միայն «Մագիստրոս» որակաւորումով մասնագէտներ. անցեալ 20 տարիներուն ընթացքին տուած է աւելի քան երկու հազար շրջանաւարտ մագիստրոսներ, որոնք գերակշիռ մեծամասնութեամբ կ՛աշխատին Հայաստանի մէջ՝ իրենց ներդրումը բերելով երկրի տնտեսութեան, գիտութեան, համալսարանական համակարգի եւ այլ ոլորտներու զարգացման գործին մէջ:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ի սկզբանէ համալսարանը պաքալորիայի ծրագիր չէ ստեղծած, համալսարանի հիմնադիր նախագահ Միհրան Աղաբաբեան պատասխանեց. «Այդ ժամանակ մի քանի ղեկավարների հետ խօսակցութիւն ունեցանք եւ իրենց բացատրեցինք մեր նպատակը, ու իրենց հարցրեցինք, թէ ուզո՞ւմ են, որ մենք պաքալաւրիատի դասընթաց սկսենք, որից յետոյ մագիստրատուրա սկսենք: Նրանք ասացին, որ կը նախընտրենք հակառակ ուղղութեամբ անէք, քանի որ չուզեցին մրցակցութիւն իրենց համալսարանների հետ»:
Միհրան Աղաբաբեան աւելցուց, որ այսօր՝ 20 տարի անց, Հայաստանի համալսարաններու ղեկավարները իրե՛նք կը քաջալերեն Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը «պաչըլըրզ»ի ծրագիրը սկսելու, գիտակցելով, որ ատիկա պիտի օգնէ կրթական ամբողջ համակարգի զարգացման:
«Շատ շիտակ գաղափար էր դա («պաչըլըրզ» ունենալը): Ուշացանք՝ բայց սկսեցինք», նշեց ան:
Նշենք, որ «Զարգացման քսանամեակ» խորագիրին ներքոյ, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը, Սեպտեմբեր 26էն մինչեւ Հոկտեմբեր 1, կ՛իրականացնէ կրթութեան փառատօն մը՝ նշելով իր հիմնադրման 20ամեայ յոբելեանը:
Այս վեց օրերուն ընթացքին նախապատրաստուած է ուշագրաւ ծրագիր մը, որ կը ներառէ դասախօսութիւններ, «Բարձրագոյն կրթութեան հեռանկարները» խորագիրով գիտաժողով, հանդիսութիւններ, համերգ եւ ցուցահանդէս: