ՄԱՏՐԻՏ.- Սեպտեմբեր 21ին, Մատրիտի Թագաւորական Քոնսերվաթորիայի համերգային դահլիճին մէջ, Սպանիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ Հայկական դասական երաժշտութեան համերգ մը՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 20ամեակին:
Նախքան համերգը հիւրերը ողջունեց Սպանիոյ մօտ ՀՀ գործերու հաւատարմատար Խորէն Տէրտէրեանը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան Սպանիոյ Թագաւորութեան օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, տեղական իշխանութիւնները ներկայացնող պաշտօնեաներ, տարբեր գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, երկրին մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, սպանացի դիւանագէտներ, հոգեւորականներ, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, գործարարներ, հասարակական կազմակերպութիւններու, լրատուամիջոցներու եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Հայ երաժիշտները սպանացի հանդիսատեսին ներկայացուցին Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Պապաճանեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի եւ Եդուարդ Պաղտասարեանի ստեղծագործութիւնները: