
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին, ՀԵԴն բողոքի ցոյց մը կազմակերպած է Փոքրիկ Հայաստանի մէջ կայանալիք «Օսմանեան զինուորական քայլարշաւ»ի մը դէմ, որուն նպատակն է փառաբանել Օսմանեան կայսրութիւնը:
Ցոյցը տեղի պիտի ունենայ Հոլիվուտ եւ Հայլընտ պողոտաներուն անկիւնը, «Քոտաք» թատերասրահին առջեւ:
Առաւելագոյն մասնակցութիւն ապահովելու նպատակով, կարգադրութիւններ եղած են ցուցարարներ փոխադրելու համար «Ֆերահեան» ու «Ալէք Փիլիպոս» վարժարններէն, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն: Հանրակառքերը ճամբայ պիտի ելլեն կ.ե. ժամը 1:30ին: