
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ վարժարաններու տնօրէններու միութիւնը վերջերս կազմակերպութեան 2011-2012 տարեշրջանի նախագահ ընտրած է կրթական մարզէն ներս երկարամեայ փորձառութիւն ունեցող Ալիս Պետրոսեանը:
Իր պաշտօնը ընդունելու ընթացքին, Պետրոսեան խոստացաւ մօտէն գործակցիլ նահանգի մօտաւորապէս 15,000 տնօրէններուն հետ:
Կրթական մարզէն ներս բազմաթիւ մրցանակներ ստանալու կողքին, Պետրոսեան նահանգի զանազան յանձնախումբերուն անդամ նշանակուած է՝ չորս տարբեր նահանգապետերու կողմէ:
Ալիս Պետրոսեան 42 տարի ծառայած է կրթական մարզէն ներս, անոնցմէ 31 տարին՝ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին, որուն Կրթական սպասարկութեան բաժանմունքի ընդհանուր վերահսկիչին օգնականն էր 12 տարիներու ընթացքին: Ան վերջերս հանգստեան կոչուեցաւ՝ լքելով Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի ընդհանուր վերահսկիչի օգնականի եւ կրթական սպասարկութեան գլխաւոր պատասխանատուի իր պաշտօնը: