ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ Սեպտեմբեր 17ին պիտի բացուի Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 20ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը, ուր պիտի ներկայացուին ժամանակակից հայ նկարիչներու վերջին քսանամեակին ստեղծած շուրջ 60 նկարներ եւ 4 քանդակ:
Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէն Փարաւոն Միրզոյեան յայտնեց, որ այդ աշխատանքները ցուցահանդէսէն ետք պիտի նուիրուին պատկերասրահին: