
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Արժանթինի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալպերթօ տէ Ալոթօ, Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ ստորագրեցին համաձայնագիր մը՝ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ սովորական անձնագիրներու պարագային՝ մուտքի արտօնագիրի (վիզա) պահանջքի վերացման մասին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն Վահէ Գաբրիէլեան եւ Ալպերթօ տէ Ալոթօ ստորագրեցին Դիւանագիտական դպրոցին եւ Արժանթինի արտաքին գործոց, միջազգային առեւտուրի եւ պաշտամունքի նախարարութեան Ազգային արտաքին ծառայութեան հիմնարկին միջեւ գործակցութեան համաձայնագիրը, իսկ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեանը եւ Ալպերթօ տէ Ալոթօն ստորագրեցին երկու երկիրներուն միջեւ 2011-2015 թուականներու մշակութային համագործակցութեան ծրագիրը: