
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Օգոստոս 17ին, ՀԲԸՄի «Յաջորդ Սերունդ» խորհրդատուական ծրագիրին Կլենտէյլի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին, «Վանզ» ընկերութիւնը 5000 տոլար «չէք» մը յանձնեց «Յաջորդ Սերունդ» ծրագիրին, նպաստելու համար ուսանողներու յատուկ երաժշտական եւ շարժապատկերային արտադրութեան կեդրոն մը ստեղծելու աշխատանքներուն:
Հաւաքին ներկայ էին Կլենտէյլ քաղաքի պաշտօնատարներ եւ համայնքային ղեկավարներ:
ՀԲԸՄի «Յաջորդ Սերունդ» ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել համացանցային www.agbugennext.org կայքը: