ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 20ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ սփիւռքահայ կրթական-մշակութային գործիչ, հայկական շունչով եւ ոգիով սերունդներ թրծած, անոնց ազգային նկարագիր ու մշակութային արժէքներուն տէր կանգնելու նախանձախնդրութիւն փոխանցած գործիչ Գէորգ Գանտահարեանի նուիրուած «Գէորգ Գանտահարեան՝ Ամէնուն Ուսուցիչը» գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքին առաջին մասը կ՛ընդգրկէ վաստակաւոր մանկավարժին գրութիւնները, իսկ երկրորդը՝ վկայութիւններ անոր մասին:
«Գէորգ Գանտահարեան՝ Ամէնուն Ուսուցիչը» գիրքը խմբագրած է գրականագէտ Եուրի Խաչատրեան, արխիւային աշխատանքները կատարած է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Նորա Բարսեղեան, իսկ մեկենասութիւնը յանձն առած է «Փիւնիկ» հիմնադրամը: