ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան «Ճազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը զգուշացուց, յայտնելով. «Եթէ ան ցոյցերը ճնշելը շարունակէ, անոր իշխանութիւնը արիւնալի աւարտ պիտի ունենայ: Ան, որ արիւնով եկաւ, արիւնով ալ կ՛երթայ»։ Էրտողան նշեց, որ Սուրիոյ նախագահին եւ անոր վարչակարգին վրայ «խաւար կը տիրէ», վստահեցնելով, որ ինք Ասատի հետ կապի մէջ չէ, ոչ ալ կը մտադրէ յետայսու անոր հետ կապ հաստատել։ Ան յայտնեց, որ «Ասատն ու անոր շրջապատը Սուրիան մղեցին այնպիսի կացութեան մը, որմէ դուրս չի կրնար գալ»։
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետւետեւ յայտնեց, որ հարկ է Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն «խիստ պատգամ» մը ուղղել, ներառեալ ընդդիմութեան, նշելով, որ «կարելի է անոր կարգ մը անդամները նկարագրել իբրեւ ահաբեկիչներ»։ Ան նշեց, որ սուրիացի ընդդիմադիրներէն ոմանք «յստակ կերպով ծայրայեղականներ են»։
Թուրքի լեզուն ըսկսեր է մատնել զիրենք…