ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբերին, այցելած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ կառուցուող «Արցախ» բնակելի թաղամասի շինարարական հրապարակ եւ տեղւոյն վրայ խորհրդակցութիւն մը ունեցած է իրականացուող աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Նախագահ Սահակեան շեշտած է թաղամասի շինարարական աշխատանքներու թափի պահպանման կարեւորութիւնը: Նախագահը նաեւ ընդգծած է իր ակնկալութիւնը, որ Ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխանող թաղամասի բնակարանները անթերի վիճակի մէջ կը յանձնուին բնակիչներուն: