ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբերին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան (ՆԱՄ) երեւանեան սրահին մէջ տօնական համերգ էր. «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը կը նշէր իր 7ամեայ յոբելեանը:

Համերգին ներկայ էին Վահան Արծրունին, Ռուբէն Հախվերդեանը, Յասմիկ Բաղդասարեանը, Լեւոն Կարապետեանը, «Սպեղանի» աղջիկներու երգչախումբը, Գիւրջիեւի անուան անսամբլը, «Նարեկացի» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը:
Հիմնադրութեէն՝ 2004էն ի վեր, իր 7ամեայ կենսագրութեան ընթացքին, արուեստի միութիւնը անընդհատ գործած է, կազմակերպելով բազմաթիւ հանդիպումներ հայ արուեստագէտներու եւ գործիչներու, ստեղծագործող անհատներու հետ: Այս 7 տարիներուն ՆԱՄը նաեւ երաժշտական եւ գեղարուեստական հրատարակութիւններ իրականացուցած է:
Նարեկացի արուեստի միութիւնը հիմնադրուած է ԱՄՆի մէջ, 2002ին, իսկ 2006ին՝ Շուշիի մէջ ստեղծուած է միութեան կեդրոնը՝ կիսաքանդ շէնքի մը մէջ՝ նպատակ ունենալով պատերազմէն ետք նոր շունչ հաղորդել քաղաքային կեանքին: 5 օր առաջ ՆԱՄի Շուշիի կեդրոնը նշած էր իր 5րդ տարեդարձը:
«Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեան 7ամեայ գործունէութեան արդիւնքները ամփոփելու համար հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է, որ միութեան հիմնադրման նպատակն ու առաքելութիւնը եղած է մեր հարուստ մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնիլը:
Իր եօթնամեայ պատմութեան ընթացքին ՆԱՄը իրականացուցած է 3000 համերգ, ցուցահանդէս ու վարպետութեան դասեր, հրատարակած է շուրջ երկու տասնեակ ձայնասկաւառակներ, բանաստեղծութիւններու ժողովածուներ եւ գեղարուեստական գիրքեր:
Յոբելինական ձեռնարկին ընթացքին հանրութեան ներկայացուած են Միութեան հրատարակչական նոր նախաձեռնութիւնները, որոնց շարքին՝ երգահան Ռուբէն Հախվերդեանի ու երգահան Արթուր Շահնազարեանի եզակի ձայնասկաւառակները: