ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- ԽՍՀՄի վերջին նախագահ Միխայիլ Կորպաչովի հիմնադրամը՝ «Կանաչ խաչը», ութ միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ Հայաստանի մէջ նոր գործարան մը կառուցելու համար: Այդ մասին կը հաղորդէ «Ռոսպալտ.ռու» (rosbalt.ru) կայքը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ արեւի ճառագայթներու ուժանիւթը ջերմութեան եւ ելեկտրականութեան վերածելու սարքերը պիտի արտադրուին Սպիտակ քաղաքին մէջ կառուցուելիք գործարանին մէջ:
Գործարանը պիտի կարենայ արտադրել մինչեւ հազար արեւային վահանակներ, իւրաքանչիւրը՝ 3-32 քիլօուաթ հզօրութեամբ:
Նշենք, որ միջազգային բնապահպանական «Կանաչ խա»չ կազմակերպութիւնը ստեղծուած է Մ. Կորպաչովի կողմէ՝ 1993ին, իսկ այսօրուան դրութեամբ, անոր մասնաճիւղերը կը գործեն 30 երկիրներու մէջ, ներառեալ՝ ԱՄՆի, Լատինական Ամերիկայի երկիրներուն, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Ռուսիոյ, Պելոռուսի, Ճափոնի եւ Փաքիստանի: