ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան մայրքաղաքին մէջ իր հերթական աշխատանքային շրջայցին ընթացքին ծանօթացած է ճանապարհներու կառուցման, բարեկարգման, նաեւ շէնքերու եւ շինութիւններու արտաքին բարեկարգման ընթացիկ աշխատանքներուն:
Քաղաքապետին յաջորդ կանգառը եղած է Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը: Շրջելով Քասքատի հարեւանութեամբ կառուցուած թանգարանի շէնքին մէջ՝ Կարէն Կարապետեան յանձնարարած է ձեռնամուխ ըլլալ թանգարանի յարակից տարածքի բարեկարգման եւ կանաչապատման աշխատանքներուն:
Նշենք, որ մինչ օրս մայրքաղաքին մէջ ասֆալտապատուած է 300 հազար քլմ. ճանապարհ եւ վերացուած են 3 փողոցներու թրամուայի գիծերը:
Կարէն Կարապետեան շրջայցին ընթացքին ծանօթացած եւ գնահատած է մայրաքաղաքի տարբեր փողոցներու շէնքերը ներկելու եւ լուալու աշխատանքները: Արդէն իսկ կատարուած է 245 շէնքերու արտաքին լուացում եւ ներկում: