
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Պոլսոյ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչութեամբ նոր մանրամասնութիւններ բացայայտուած են: Սամսունի նահանգային ոստիկանութնէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը պատմած է, թէ սպանութենէն ետք ոճրագործ Օկիւն Սամասթը, Պոլսոյ ոստիկանութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ, հասած է Տրապիզոն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber.am» լրատուական կայքը:
Ոստիկանները Պոլիսէն Տրապիզոն ընկերակցած են Սամասթին՝ զայն ձերբակալելով միայն, երբ հանրակառքը Տրապիզոն հասած է: Տինքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, նշելով, որ բոլոր կասկածները կ՛առաջնորդեն դէպի Պոլսոյ ոստիկանական ծառայութիւն՝ ըսած է. «Մենք պիտի դիմենք դատախազութիւն, որպէսզի նշեալ պաշտօնատարը անպայման վկայութիւն տայ այս նորութեան մասին:
«Ինչո՞ւ Պոլսոյ մէջ չձերբակալեցին մարդասպանը: Պատասխանը յստակ է՝ որովհետեւ Պոլսոյ ոստիկանութիւնը փորձեց վրայէն հանել այդ պատասխանատուութիւնը», ընդգծած է Չեթին: