ԴԱՄԱՍԿՈՍ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17ին, Սուրիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ երկրին զինուորական ուժերը քաշուած են Տէր Զօրէն ու Լաթաքիոյ կարգ մը թաղամասերէն, հոն չէզոքացնելէ ետք «ահաբեկչական խմբակներ», մինչ պետական պատկերասփիւռի կայանը ցոյց կու տար այդ շրջաններէն հեռացող ուժերուն տեսաժապաւէններ:
Նոյն օրը սակայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու պնդեց, թէ սուրիացի զինուորներ կը մնան քաղաքներու մէջ, հակառակ զանոնք հոնկէ հեռացնելու կապակցութեամբ իրեն տրուած խոստումներուն:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ճաուտաթի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութեանց, Տաւութօղլու յայտնեց, որ զինուորական գործողութիւնները պէտք է անմիջապէս դադրին՝ միաժամանակ մերժելով Սուրիոյ մէջ արտաքին որեւէ միջամտութիւն:
«Եթէ Սուրիոյ մէջ գործողութիւնները շարունակուին եւ շրջանային հարցի մը վերածուին, ապա Թուրքիա բնականաբար անտարբեր չի կրնար մնալ», աւելցուց ան։
Պատասխանելով Սուրիոյ մէջ թրքական ապահովական գօտիի մը ստեղծման կարելիութեան մասին հարցումի մը՝ Տաւութօղլու յայտնեց, որ ներկայիս այդպիսի զարգացումի մը մասին կարելի չէ խօսիլ։
Թուրք պաշտօնատարներ Երեքշաբթի օր հերքած էին այն լուրերը, թէ Անգարա սուրիացի գաղթականներու դէպի Թուրքիա հոսքը կանխարգիլելու համար կը պատրաստուի Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու։
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարը եւս մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ իրադարձութեանց կապակցութեամբ, եւ նշեց, որ բռնարարքները պէտք է անմիջապէս դադրեցնել ու երկխօսութեան դիմել։
Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոաալեմ յայտնեց, որ Սուրիան թիրախ դարձնող դաւերուն ծալքերը բացայայտուած են, նշելով, որ կարգ մը երկիրներ կը դրդեն եւ իրականութիւնները այլափոխման կ՛ենթարկեն՝ բռնարարքները կասեցնելու պատրուակով Սուրիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու համար, անտեսելով այն իրողութիւնը, որ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն գործած ոճիրներն են սուրիական քաղաքներուն ու շրջաններուն մէջ արձանագրուող իրադարձութեանց պատճառը։