ՆԻՔՈՍԻԱ, «Թերթ».- Սերժ Սարգսեան եւ Կիպրոսի նախագահ Տմիթրիս Խրիսթոֆիաս Լիմասոլի նաւահանգիստին մէջ ներկայ գտնուած են «Արմէնիա» առագաստանաւի շուրջերկրեայ նաւարկութեան աւարտին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան:
Առագաստանաւի դիմաւորման արարողութենէն ետք, արշաւախումբի ղեկավար Զօրի Բալայեան Հայաստանի նախագահին զեկուցած է 2009ի Մայիս 28ին, Վալենսիայէն սկիզբ առած եւ Հայաստանի անկախութեան հռչակման 20ամեակի նախաշեմին աւարտած շուրջերկրեայ ճանապարհորդութեան մասին:
Զօրի Բալայեանի խօսքով, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան սոյն նաւարկութեան ծիրէն ներս, «Արմէնիա» առագաստանաւը, մեկնարկելով Միջերկրական ծովէն՝ Ճիպրալթարի նեղուցով կտրած-անցած է Աթլանթեան, Խաղաղ եւ Հնդկական ովկիանոսները:
Բալայեան նշած է, որ անձնակազմի անդամները գտնուած են հինգ մայրցամաքներուն վրայ, ուր դարեր ի վեր ապրած են եւ կ՛ապրին միլիոնաւոր մեր հայրենակիցները:
Ողջունելով «Արմէնիա» առագաստանաւի անձնակազմը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ ճանապարհորդութեան մտայղացումը այս երկու տարիներուն ընթացքին պատուով իրականացաւ անձնակազմին կողմէ:
«Դուք ոչ միայն շուրջերկրեայ ճանապարհորդութիւն էք կատարել, հատել էք երեք ովկիանոս եւ տասնեակ ծովեր, այլեւ անցել էք երկրագնդի ամենատարբեր անկիւններում սփռուած Սփիւռքի դժուարին ճանապարհներով՝ հայրենիքի շունչը հաղորդելով մեր համայնքներին, նորովի իմաստաւորելով մեր ինքնութեան բանաձեւը եւ տարբեր աշխարհամասերում սփռուած մեր մշակոյթի կոթողները», ընդգծած է Սերժ Սարգսեան:
«Արմէնիա» առագաստանաւի շուրջերկրեայ ճանապարհորդութեան աւարտին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, Կիպրոսի նախագահը, ողջունելով Հայաստանի նախագահն ու նաւարկութեան մասնակիցները՝ ըսած է. «Գրեթէ 90 տարի առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Ցեղասպանութեան հետեւանքով, հազարաւոր մազապուրծ հայեր եկան Կիպրոս՝ գտնելով այստեղ իրենց ապաստանը: Այդ գաղթականներուն ժառանգները կը կազմեն Կիպրոսի հասարակութեան անբաժանելի մասը՝ միեւնոյն ժամանակ փայփայելով եւ պահպանելով իրենց արժանապատիւ ծագումը: Մեր հայրենակից հայերը իրենց գործունէութեամբ մեր երկու երկիրներուն միջեւ կապի կարեւոր օղակ կը հանդիսանան՝ Հայաստանը դարձնելով կիպրացիներու սրտին անբաժանելի մասը»:
Նախագահները ներկայ գտնուած են նաեւ «Արմէնիա» առագաստանաւի շուրջերկրեայ ճանապարհորդութեան աւարտին նուիրուած տօնական համերգին, որուն աւարտին, Զօրի Բալայեանի ուղեկցութեամբ շրջած են առագաստանաւին մէջ:
Երեկոյեան, Կիպրոսի նախագահ Տմթրիս Խրիսթոֆիասի անունով, ի պատիւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին տրուած է ընթրիք մը:
Հայաստանի նախագահը Կիպրոսէն մեկնած է Ասթանա, ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական գագաթնաժողովին մասնակցելու նպատակով: